«Մեզի ժառանգուած բարոյական եւ նիւթական արժէքներու պահպանումը իմ համար սրբութիւններ են. Յակոբ Գասարճեան

11:45, 10 Ապրիլ, 2021
ԵՐԵՎԱՆ, 10 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԻ ԼՈՒՐԵՐ: 1945-ին իր «մէկ հատիկը» առյաւէտ կը փակէր Հայ բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան Թէքէեանը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար Թէքէեան կը նշանակէր գաղափար, սէր, հաւատք եւ համոզում:

Առ այս, յստակ տեսիլք, աննահանջ կամք եւ անսասան հաւատքի տէր Ռամկավար

Ազատական մտաւորական երիտասարդներու խումբ մը 1947-ին հիմը դրաւ

Միութեան մը, զոր կոչեց Թէքէեան Մշակութային Միութիւն: Միութեան

Հիմնադիրներու Մարմինը կազմուեցաւ հետեւեալ նուիրեալներէն՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, Մկրտիչ Մսըրլեան, Գերսամ Ահարոնեան,  Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Յակոբ Դաւիթեան եւ Համբարձում Պէրպէրեան:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, մեծ բանաստեղծին յիշատակը յաւերժացնելու համար ընտրուած անուն մը չէր միայն, այլ անով՝ յառաջ գացող վեհ գաղափար մը ու աննկուն հաւատք:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ո՛չ միայն ունեցաւ իր մշակութային երեսը, այլ նաեւ ապահովագրուեցաւ կալուածային առումով եւս, երբ քաղաքական եւ օրինական առումներով յարմար տեսնուեցաւ իր ներկայ եւ ապագայ ունեցուածքները վստահիլ միութեան:

Իր հիմնադրութենէն ետք կարճ ժամանակի մը մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եռուն եւ բեղուն շնորհակալ գործունէութիւն մը եւ արձանագրեց մեծ  յաջողութիւններ մշակութային բոլոր մարզերէն ներս: Ան հանդիսացաւ Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու ոսկեայ կամուրջը եւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գլխաւոր միջնաբերդերէն մին:

Աւելի եւս ամրապնդելու համար իր գործունէութիւնը Միութիւնը կարիքը ունէր ունենալու իր կառոյցները: Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը վայելեց ժողովուրդին անսահման վստահութիւնը եւ սէրը: Մեր ժողովուրդը գիտէ տալ երբ վստահ է իր տուածի դրական եւ պիտանի արդիւնքէն: Հայ ժողովուրդի զաւակները աշխարհի չորս ծագերէն ձեռք մեկնեցին իրենց վստահած Միութեան: Այսպիսով Լիբանանի մէջ հայոց բնակութեան կեդրոնի մը մէջ կառուցուեցաւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոյակապ շէնքը, լոյս եւ յոյս ջամբելու հայ մանուկներուն:

Միութիւնը շուտով դարձաւ կալուածատէր:

Անոր յաջորդեց միութեան փայլուն իրագործումներու կոթողը հանդիսացող՝ Պէյրութի սրտին վրայ կանգնած հոյակերտ շէնք մը, որ կոչուեցաւ Թէքէեան Կեդրոն: Այս շէնքը իր տեսլապաշտ կերտողներուն կողմէ հանդիսացաւ, ոչ միայն նիւթական աղբիւր մը ֆինանսաւորելու Միութեան աշխատանքները, այլ նաեւ՝ եղաւ ժամադրավայրը, բոլոր ազնիւ հայերուն եւ մշակութասէր հանրութեան:

Նորակառոյց շէնքին կառուցման համար ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին նուիրեալ աշխատանքներուն մեծապէս սատարեց նոյն Մարմնին անդամ Յակոբ Դաւիթեանը, որուն անձնական տքնաջան աշխատանքին ու  երկրաչափական հմտութեան կը պարտի այսօր տասնամեակներու կեանք ունեցող ու իր տուեալներով տակաւին արդիական՝ Թէքէեան Կեդրոնը: Այնտեղ հաստատուեցաւ նաեւ Միհրան Տամատեանի, Մկրտիչ Մսըրլեանի ու Վահան Թէքէեանի սրտահատոր՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատունը, որ վայելեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան գուրգուրանքն ու նեցուկը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան վերելքն ու բեղուն յաջողութիւնները անխափան շարունակուեցան մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ եկաւ հարուածելու Լիբանան ու անոր բաղկացուցիչ համայնքները, ներառեալ Հայութիւնը:

Ուժգին կերպով հարուած ստացած Միութիւնը սակայն չսասանեցաւ: Ան շարունակեց իր գործունէութիւնը պատերազմի ամենաթեժ օրերուն իսկ շնորհիւ այդ օրերուն ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետութեան պաշտօնը վարող՝ Տոքթ. Յարութիւն Եոզկաթեանը որուն անժամանակ մահուընէ ետք պաշտօնը ստանձնեց Կարապետ Պապահէքեանը, որ նոյնքան ձեռնհասութեամբ վարեց միութեան նաւը:

15 երկար տարիներ տեւած ջլատիչ պատերազմի դադարումը առիթ մը հանդիսացաւ վէրքերու ամոքումի եւ վերադասաւորման:

Յետ պատերազմեան օրերու վերակազմակերպման աշխատանքներու կիզակէտին՝ զինք նախորդող տիտաններուն շառաւիղը հանդիսացող անուն մը  յատկանշուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավարութեան մէջ: Այդ անձը կը կոչուէր Յակոբ Գասարճեան, որուն ուսերուն բարձուեցաւ ոչ միայն ազգային ժառանգ մը իր վեհ բարձրունքին վրայ պահելու առաքելութիւնը, այլ նաեւ դիմագրաւելու մեծ մարտահրաւէրներ՝ կանգուն պահելու համար իրեն վստահուած պարտականութիւնը: 1992 թուականին Յակոբ Գասարճեան անդամ նշանակուեցաւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին: 1995-ին Կարապետ Պապահէքեանի գլխաւորած վարչութեան որպէս փոխ-ատենապետ լաւագոյնս ծառայելէ ետք, աւելի ուշ՝ 2011-ին, վերջինին հրաժարումով, ան ստանձնեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին ատենապետութիւնը ու ձեռնհասութեամբ վարեց զայն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:

Այսօր, մինչ պատերազմի հետեւանքները տակաւին առկայ են եւ մինչ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային առումներով աննախադէպ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի, կարեւոր է մեզի համար լսել Յակոբ Գասարճեանի կարծիքը եւ մտորումները, միասնաբար վերաքաղը ընելով իր անցած ուղիին:

Շուտով պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցի, ինչպէս կուսակցութեան նաեւ մեր սիրելի Միութեան մէջ:

1980-ական տարիներու ամբողջ ընթացքին լաւագոյնս ըրի կազմակերպելու ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Ֆրանսայի շրջանակը, որ այդ տարիներուն փայլուն գործունէութիւն մը ունեցաւ: Այնտեղ նոյն տարիներուն հրատարակեցինք Lettre de L’ADL պարբերաթերթը:

1992 թուականին պատիւը ունեցայ նշանակուելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի անդամ ապա ընտրուեցայ փոխատենապետ եւ վերջապէս՝ ատենապետ::

Նման նշանակում մը ինքնին մեծ զոհողութիւն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը պահանջէր: Մեզի ժառանգուած բարոյական եւ նիւթական արժէքներու պահպանումը իմ համար սրբութիւններ էին: Հետեւաբար նաեւ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի կառոյցները կանգուն պահելն ու անոնց նպատակասլաց աշխատանքները վերահսկելը ինծի համար սրբազանագոյն արժէքներ էին, որոնց իրագործման համար կարելի չէր բան խնայել: Շատ յաճախ իմ անձնական ընտանիքիս յատկացնելիք ժամանակը մեծ սիրով նուիրեցի ԹՄՄ պատնէշի վրայ կանգուն պահելու եւ անոր բարի երթը ապահովելու: Նոյն տարիներուն բեղուն գործունէութիւն մը ունեցայ նաեւ  ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան մէջ հասնելով մինչեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնին: Իմ մարդկային սահմանափակ կարողութիւններու սահմանին մէջ կարելիս ըրի եւ այս դժնդակ օրերուն կը շարունակեմ ընել որպէս հոգիի պարտականութիւն հանդէպ ազգիս ու հայրենիքիս:

 

Այս բոլորին զուգահեռ մենք մեծ թափով զարկ տուինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան գոյութիւնը արդարացնող՝ մշակութային մեր գործունէութեանց՝ թատրոնի, երաժշտութեան ու գրական իրար գերազանցող ձեռնարկներով:

Մեր հիմնական աշխատանքներէն եղաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի արձանագրած կրթական եւ բարոյական մակարդակը պահելն ու ամէն ճիգ ի գործ դնել դպրոցի գոյերթը ապահովելու:

Դիւրին աշխատանք չէր: Տարիներու կուտակումներ կային եւ սրբագրութեան կարօտ աշխատանքներ, որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ եւ իմ գործակիցներուն բարի կամեցողութեամբ ու նեցուկին յառաջ տարինք:

Արդարեւ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին կողմէ ատենին ինծի տրուած լիազօրագրին հիման վրայ, անձնական հետապնդումներուս եւ մանաւանդ երեսփոխանական կապերուս շնորհիւ յաջողեցայ զեղչերով եւ մասնակի վճարումներու դասաւորումով մարել պատերազմի տարիներուն ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Թէքէեան Կեդրոնի կուտակուած հարիւրաւոր հազար տոլարներու հասնող պարտքերը: Այս ընթացքին մենք յաջողեցանք նաեւ ԹՄՄ-ի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի սեփականութեան եւ կալուածաթուղթերու օրինականութիւնը ապահովել:

Հաւատալով, որ հաստատութիւնը աւելի կայուն է քան անհատը, միութիւնը, թէ որպէս փոխատենապետ եւ ապա ատենապետ ղեկավարած օրերուս ամէն ջանք ըրի, որ իր հիմնադրութեան օրէն  տակաւին անհատներու պատկանող ԶԱՐԹՕՆՔ-ի արտօնագիրը փոխանցել միութեան եւ կուսակցութեան հաւաքական սեփականութիւնը հանդիսացող պաշտօնապէս գրանցուած հաստատութեան: Վահան Թէքէեան Վարժարանի շէնքին պարագան ալ աւելի դժուար կացութիւն էր: Երբ պատասխանատուութիւն ստանձնեցի, մեծ զարմանքով յայտնաբերեցի, որ այն հողատարածքը, որուն վրայ դպրոցը հիմնուած էր, տակաւին ցանքի յատուկ հողաշերտ էր, որուն վրայ տարիներէ ի վեր կանգնած կառոյցը գոյութիւն չունէր: Բարեբախտաբար նոյն օրերուն ունէի ընտրուած պետական երեսփոխանի հանգամանք եւ օգտուելով առկայ պետական կապերէ, կարելի եղաւ այս բացթողումն ալ մեծ դժուարութիւններով սրբագրել:

 

Շուտով իմ գլխաւորութեամբ կազմեցինք Լիբանանի Թէքէեանապատկան Կառոյցներու Վերաշինութեան Յանձնախումբ մը: Յանձանխումբին մաս կազմեցին Անի Լաչինեան Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, եւ Միքայէլ Վայէճեան (ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի անդամներ), Սեւակ Յակոբեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր), Տոքթ. Յակոբ Փափազեան (ԹՄՄ Լիբանանի Տեղականն Վարչութեան ատենապետ), Պերճ Արապեան (Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմի փոխ ատենապետ), Արա Թէրզեան (Թէքէեան կեդրոնի վարչական տնօրէն), Ճէքի Տէրվիշեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխատենադպիր եւ Թէքէեան Կեդրոնի վարչական քարտուղար): Գետնի վրայ շինարարական աշխատանքները վերահսկելու համար անմիջական պատասխանատուներ նշանակուեցան Պերճ Արապեանն (Վահան Թէքէեան Վարժարանին համար)

ու Արա Թէրզեանը (Թէքէեան Կեդրոնին համար):

 

«Զ.»

Օգնութիւն փութացնելու մեր կոչին առաջինը արձանագրեցին ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան մեր գործընկերները, որոնք իրենց կարգին նուիրահաւաքի կոչով մը մեծագումար նուիրատուութիւններ ապահովեցին վերականգնելու դպրոցը: ՀԲԸՄ-ը իր կարգին իր օգնութիւնը չզլացաւ թէ դպրոցին եւ թէ ԶԱՐԹՕՆՔի յարատեւման: Կը մնար Թէքէեան Կեդրոնը, որ չունէր հայկական դպրոցի մը վայելած հոգեկան ու բարոյական միեւնոյն նեցուկը: Անոր վերականգնումի ծախսը հոգալը ամբողջութեամբ մեր ուսերուն էր: Եւ ինչպէս կ՛ըսեն թէ փորձանք մը մինակը չգար, վրայ հասաւ Արցախի Պատերազմը, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց պահ մը մոռնալով Պէյրութը: Կարելի չէր ձեռնածալ մնալ մանաւանդ, որ կը գիտակցէինք, որ կարելի չէ նաեւ յաւիտենապէս վստահիլ բարեսիրութեան: Թէքէեան Կեդրոնը անպայման պէտք էր վերականգնել: Անոր բնական կերպով բանեցումն էր, միակ երաշխիքը մեր միւս կառոյցներուն պէտքերը հոգալու: Հետեւաբար մտածեցի դիմել իմ անձնական բարեկամներուն, որոնց շարքին նաեւ ոչ հայեր: Փառք Աստուծոյ եւ շնորհիւ իրենց մօտ վայելած բարի վարկիս մեծ թիւով բարեկամներ՝ ամերիկաներէն, Եւրոպայէն եւ արաբական աշխարհէն նաեւ Լիբանանէն,  ընդառաջեցին: Այսօրուայ դրութեամբ տակաւին բաւարարուած չենք, սակայն շէնքին վերաշինութիւնը արդէն կարեւոր հանգրուաններ կտրած է եւ յոյսով ենք, որ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ մեր առաքելութեան հաւատացող բարեկամներուն միջոցաւ շուտով իր լռումին կը հասցնենք:

 

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն ու անոր հովանաւորած կառոյցները կարեւոր բաղադրիչներն են սոյն համայնքին, որոնց աշխոյժ գործունէութեամբ երաշխաւորուած է նաեւ համայնքին բնականոն գոյերթը: Թէքէեան Կեդրոնը, որպէս եկամտաբեր կառոյց տարիներու ընթացքին մեծ դեր ունէր ֆինանսաւորելու մեր կառոյցները: Ան ամէն գնով պէտք է վերադառնայ իր նախկին իրավիճակին՝ պահելու համար Միութիւնը: Հետեւաբար սրտագին կոչս է աշխարհասփիւռ մեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն իրենց լումաները չխնայեն Թէքէեան Կեդրոնի վերակառուցումը իր լռումին հասցնելու ազնիւ աշխատանքին ի խնդիր:Թէքէեան Կեդրոնի բնականոն օգտագործումն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել Վահան Թէքէեան Վարժարանի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ ԹՄՄ միւս կառոյցներուն անխափան երթը:

Մինչ այդ անձնապէս շատ մտահոգ եմ որովհետեւ պատասխանատուութիւնը մեծ է: Սակայն շարունակելով ապաւինիլ Աստուծոյ եւ մեզի ու մեր առաքելութեան հաւատացող բարեկամներուն, պիտի շարունակենք գոյատեւել ու աշխատիլ մեր Միութեան համար մինչեւ այն ատեն, որ Աստուած մեզի ուժ եւ առողջութիւն կը պարգեւէ

«Զարթոնք» օրաթերթ 


© 2009 ARMENPRESS.am