Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը

16:46, 19 Ապրիլ, 2021

ԷՋՄԻԱԾԻՆ, 19 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԻ ԼՈՒՐԵՐ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուէր Հայաստան:  

Հանդիպումը առիթ մըն էր ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ Վեհափառ տիրոջ հետ քննարկելու ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի Հայաստանը, Արցախը եւ Լիբանանը յուզող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ իրեն համար սրտամօտիկ լիբանանահայ համայնքի տագնապալի առօրեայով:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր վերանորոգելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու ՌԱԿի Լիբանանի շրջանակի աւանդական եւ անսակարկ հաւատարմութիւնն ու խորին յարգանքը հանդէպ Մայր Աթոռին եւ անոր գահակալին, որ նաեւ կը դրսեւորուի ԶԱՐԹՕՆՔ-ի բովանդակութեամբ, որ ոչ մէկ ատեն զլացած է Սփիւռքի մէջ դրօշակակիրը հանդիսանալու Մայր Աթոռին:

Աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Վեհափառը տոկունութիւն, ամուր կամք եւ յարատեւութիւն մաղթեց ընկ. Յակոբեանին եւ իր միջոցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակին, «Զարթօնք»-ի ընտանիքին եւ լիբանանահայ համայնքին ընդհանրապէս՝ իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց:

 


© 2009 ARMENPRESS.am