Զգացական վայրիվերումների թոհուբոհի մեջ կենսականորեն անհրաժեշտ է, որ ազգովի զգաստ լինենք․ ՌԱԿ հայտարարությունը

12:30, 9 Մայիս, 2024

ԵՐԵՎԱՆ, 9 ՄԱՅԻՍԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ։ «Ռամկավար ազատական» կուսակցությունը հայտարարություն է տարածել Հայաստանում ներքաղաքական զարգացումների վերաբերյալ՝ շեշտելով, որ զգացական վայրիվերումների թոհուբոհի մեջ կենսականորեն անհրաժեշտ է ազգովի զգաստ ու կշռադատված լինելը։ «Արմենպրես»-ը ներկայացնում է կուսակցության տարածած հայտարարությունը․

«Վերջին շրջանին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած պատմականօրէն ծանրակշիռ եղելութիւններու ընթացքը եւ անոնց պատճառով երեւան եկած յայտնի իրադարձութիւնները, խոր մտորումներ, բուռն խռովք, յարաճուն յոյզ ու մտահոգութիւններ ծաւալած են ոչ միայն հայրենիքի, այլ նաեւ հայկական սփիւռքի ամբողջ տարածքին։

Զգացական վերիվայրումներու այս դոհուբոհին մէջ կենսականօրէն անհրաժեշտ է որ ազգովին ըլլանք գերազանցապէս զգաստ եւ աչալրջօրէն կշռադատ, որովհետեւ այլապէս կրնանք տեղի տալ սարսափելի եւ անդառնալի կորուստներու։

Հիմնական եւ անդրդուելի մեր մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ լիակատար երաշխաւորումը մեր ժողովուրդի եւ սրբազան մեր հայրենիքի անվտանգութեան։ Պարտինք նաեւ ծայր աստիճան գուրգուրանք ցուցաբերել մեր պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ։ Պատասխանատուութեան ճիշդ այս ըմբռնումով է որ պէտք է առաջնորդուինք, հնարաւորին չափ զերծ զգացական զեղումներէ եւ մոլորանքներէ։ Իրաւ եւ անշեղ հայրենասիրութիւնը կ’ենթադրէ կատարելապէս գիտակցուած զոհողութիւն, մասնաւորաբար՝ այսպիսի ճակատագրական հանգրուաններու։ Պարտինք նաեւ բարձր պահել ազգային մեր արժանապատուութիւնը, յատկապէս յաչս այլազգիներու։

Կը ստիպուինք անդրադառնալ անհաճոյ երեւոյթի մըն ալ։ Մայիս 8, 2024-ին լրատուուական համացանցով հրապարակուած է «Իշխանութեան որդեգրած արհամարհանքի քաղաքականութիւնը առաջնորդեց ժողովրդային ընդվզումի» վերտառութեամբ յայտարարութիւն մը, «Ռամկավար կուսակցութեան համադրուած մամուլ» ստորագրութեամբ։ Այսու, համախորհուրդ ՌԱԿ Հայսատանի Հանրապետական Վարչութեան, կը յայտարարենք թէ այդ անուամբ հանդէս եկող կառոյց գոյութիւն չունի կուսակցութենէն ներս, թէ ան մտացածին է եւ հետեւաբար՝ անոր տարածած յայտարարութիւնը չ'արտայատեր ՌԱԿ-ի դիրքորոոշումն ու տեսակէտը, այսինքն՝ ամբողջովին ապատեղեկատուութիւն է։

Յաւելուածաբար, կը յայտարարենք եւ կը նախազգուշացնենք նաեւ, թէ այդ շինծու «կառոյց»ի անունով որեւէ յայտարարութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ բացարձակապէս չունի որեւէ աղերս կամ առնչութիւն»:

 


© 2009 ARMENPRESS.am