Երևանում՝ 11:07,   4 Մայիս 2024

Արցախում ՀՕՄ-ի «Սոսե» մանկապարտեզները վերաբացվել են

Արցախում ՀՕՄ-ի «Սոսե» մանկապարտեզները վերաբացվել են

ԵՐԵՎԱՆ, 16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Արցախում վերաբացել են Հայ օգնության միության (ՀՕՄ) «Սոսե» մանկապարտեզները։ «Արմենպրես»-ին այս մասին տեղեկացրին ՀՕՄ-ի կենտրոնական գրասենյակից։

«Արցախի պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք ամիս ընդհատումէ ետք, Դեկտեմբեր 14, 2020-ին Հայ Օգնութեան Միութեան(ՀՕՄ) Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսաւ։ Ընդհանուր 77 աշակերտներ վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն։ Իսկ, Աշանի մանկապարտէզը իր դռները պիտի բանայ երբ շրջանի ելեկտրականութեան հարցը լուծուի եւ ապահովուին կառոյցին ջերմութիւնն ու ելեկտրականութիւնը։ 

Հանգրուան առ հանգրուան Արցախ վերադարձող ընտանիքներուն թիւին հիման վրայ, կ՛ակնկալուի նաեւ մանկապարտէզներէն ներս աշակերտութեան թիւի աճ։

Աղետալի այս պատերազմի դէպքերէն ետք, աշխատանքի վերադառնալը դիւրին չէր դաստիարակներուն համար, որոնց կորուստի ցաւը տակաւին թարմ է իրենց սրտերուն մէջ։ Սակայն, երեխաներուն հոգեկան հանգստութիւնը առաջնահերթ դասելով, անոնք պատրաստ են իրենց գուրգուրանքով, թէկուզ մասամբ, նուազեցնել մատղաշ սերունդին ապրած ցաւն ու սարսափը։ 

Ամանորի այս օրերուն մեր բոլոր բալիկներուն կը մաղթենք խաղաղ եւ երջանիկ դպրոցական տարեշրջանի շարունակութիւն։ 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը «Ամանոր» ծրագրին ընդմէջէն, այս տարի «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշակերտութեան կողքին, կաղանդի առթիւ նուէրներ պիտի բաժնէ նաեւ   տեղահան եղած Արցախցի երեխաներուն։ 

ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը սկսած է 1998 թուականին Ստեփանակերտի մէջ։ Մօտ երկու տասնամեակներ ետք, Արցախի տարածքին մէջ ՀՕՄ-ի մանկապարտէզներու ցանցը տարածուելով Արցախի այլ շրջաններէ ներս, հասաւ տասնըերկուքի, որոնցմէ չորսը յետագային յանձնուեցան Արցախի պետութեան։ Մինչեւ պատերազմին աւարտը, ՀՕՄ-ը կը վարէր ութ մանկապարտէզներ, ուր մօտաւորապէս 400 երեխաներ կը ստանային մտային զարգացում եւ ընկերային, բարոյական ֆիզիքական ու գեղարուեստական կրթութիւն։  Նոյեմբեր 9, 2020-ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ, Մեծ Թաղեր, Տող, Շուշի եւ Քարեգահ շրջաններու «Սօսէ» մանկապարտէզները անցան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ։ 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հոգալով պատերազմի հետեւանքով տեղահան եղած մանկապարտէզներու պաշտօնէութեան, անոնց յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն։ Այսօր ՀՕՄ-ը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Արցախի իրավիճակին եւ Արցախի ու Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, իր առաքելութիւնը կը շարունակէ օժանդակութիւն տրամադրելով տեղահանուած ընտանիքներուն եւ զոհուած զինուորներուն զաւակներուն»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։


Բաժանորդագրվեք մեր ալիքին Telegram-ում






youtube

AIM banner Website Ad Banner.jpg (235 KB)

Բոլոր նորությունները    


Digital-Card---250x295.jpg (26 KB)

12.png (9 KB)

Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am